Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Լագիսեանի Պատգամը՝ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակի Առթիւ


110 Տարի՝ Հաւատք եւ Ծառայութիւն

Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ ծառայութեան 110-ամեակի առիթով, սրտագին կ՚ողջունեմ ձեզ բոլորդ: 

Տարիներ առաջ, մեծանուն գրող Արամ Հայկազ առիթով մը «Քսանեօթը» խորագրով յօդուած մը ստորագրած էր եւ համով-հոտով իր տպաւորութիւնները յայտնած՝ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մասին: Ու կ՚աւելցնէր. «Փառքի ու սուգի ի՜նչ օրեր ու տօնախմբութիւններ չեն տեսած այս պարզուկ եկեղեցիին կամարները… Ի՜նչ խանդավառ ճառեր ու խորախորհուրդ քարոզներ խօսուած են իր դասէն ու խորանէն: Իր ճակատագիրը, սեւ կամ պայծառ համանման եղած է իր ժողովուրդի ճակատագրին հետ: Ան տեսած է մահ, ծնունդ, արցունք, ծիծաղ, անէծք ու օրհնութիւն… Մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի ապրումներուն ու օրերուն հետ նոյնացած են իր ապրումներն ու օրերը»: 

Արդարեւ, այդպէս է եղած ամբողջ 110-ամեայ պատմութիւնը, նոր աշխարհի ամենահին եկեղեցիներէն մէկուն՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ: 

110-ամեայ մեր եկեղեցին իսկապէս մայր եղաւ բազմաթիւ եկեղեցիներու, հարազատ մայրութիւն ըրաւ հազարաւոր հայերու, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք ոտք դրին օրհնեալ այս երկիրը: Դարձաւ ամերիկահայոց Էլիս Այլընտը: Հիւրընկալեց ԱՆՉԱ-ի միջոցաւ Նիւ Եորք հասած հազարաւոր գաղթականներ: Վերջին 20 տարիներուն մայրական նուիրումը, սէրն ու գուրգուրանքը բաշխեց Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մեր կարիքաւոր զաւակներուն: Մօր մը բծախնդրութեամբ սատարեց քրիստոնէական, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու, կրօնի, հայ դպրոցի, հայ լեզուի եւ պատմութեան տարածման եւ պահպանման: 

Որպէս հոգեւոր հովիւ, կ՚ուզեմ անցեալը յիշել, կ՚ուզեմ այս Սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ բարեսիրական հարուստ պատմութեան 110-ամեայ էջերը թերթատել եւ յիշել ու յարգել բոլոր անոնք, որոնք իբրեւ առաջնորդ, հոգեւոր հովիւ, հոգաբարձու, երեսփոխան, Սբ. Խորանի ծառայող, դպրաց դասու անդամ, տիկնանց միութեան անդամ, ուսուցիչ-ուսուցչուհի, բարերար եւ այլապէս եկան, ծառայեցին ու անցան, եւ անոնք, որոնք տակաւին նոյն աշխուժութեամբ եւ նուիրումով կը շարունակեն ծառայել:  

Յոբելինական այս պատմական հանգրուանին մեր աշխատանքի դաշտերը աւելի եւս ընդարձակելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք: Վերանորոգ հաւատքով պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը ի սպաս մեր հաւատաւոր ժողովուրդին: 

Աղօթքս ու մաղթանքս է, որ Աստուած Մայր Եկեղեցին պահէ անսասան, իսկ Իր անուան հաւատացողները՝ խաղաղութեան մէջ: 

Աղօթարար՝ 

Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան
Հոգեւոր Հովիւ