Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Շնորհաւորական Գիրը՝

Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակի Առթիւ



6 Յունիս, 2025

245/25

Արժանապատիւ

Տէր Մեսրոպ Աւագ Քահանայ Լագիսեան, Հովիւ

եւ Հոգաբարձութիւն Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ

Նիւ Եորք

 

Սրտի անհուն ցնծութեամբ կ՚ողջունեմ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110ամեակը, որ կոթողական առիթ մըն է Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, առհասարակ, եւ Թեմէս ներս գործող Ծուխերուն համար առ Աստուած երախտագիտութեան աղօթք բարձրացնելու, եւ վերա-նորոգ հաւատքով ու յոյսով շարունակելու մեր ծառայութիւնը ժողովուրդի կեանքէն ներս։ 

Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 100ամեակը եթէ հանդիսացաւ անկիւնադարձային  տօնախմբութիւն մը, դարբնելու մեր հաւաքական կամքը՝ անկարելին յաղթահարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ, 110ամեակը այսօր կու գայ առաւել եւս ջրդեղելու մեր կորովը, թէ վերջակէտ մը չէր 100ամեակը մեր գոյութեան, ինչպէս մեր ազգի ցեղասպանութիւնը սադայէլական սադրանքներով խոհարարած դահիճ պետութիւնը կ՛ակնկալէր, այլ մեր հինգ հազարամեայ հայեցի էութեան պատուաստուած երկու հազարամեայ քրիստոնէական հաւատքով մենք կը շա-րունակենք մեր երթը դէպի յաւիտենականութիւն՝ Նախախնամութեան մեր ազգին տնօրինած ծրագրով։

Արդարեւ, անցնող հարիւր եւ տասը տարիները հանդիսացան ատոք հասկերու գերազանց փունջ մը, երբ Մայր Եկեղեցին դարձաւ հաւատքի, մշակոյթի, բարեսիրութեան, հիւրընկալութեան, ընկերային ծառայութեան, ինքնութեան դարբնումի աստուածահաճոյ օճախ մը։ 

Այստե՛ղ է որ խաչեալ մեր ժողովուրդին յոյսը վառ պահուեցաւ Քրիստոսի Յարութեամբ։ 

Այստե՛ղ է որ Հայ կամաւորներ եկան հաղորդուելու նախքան Արարայի ճակատամարտի յաղթանակը ապահովելը։ 

Այստե՛ղ է որ Վարդգէս եւ Արմենուհի Ահարոնեաններ եկան եւ ամենայն համեստութեամբ մեր նորահաս սերունդին ջամբեցին հայ գրականութիւնն ու պատմութիւնը։ 

Այստե՛ղ է որ ԱՆՉԱյի միջոցաւ տարբեր ցամաքամասերէ տեղափոխուած հազարաւոր հայեր վայելեցին Հայ տան ջերմութիւնն ու բարիքները։ Այստե՛ղ է որ Տէր Զօրի անապատներէն անթաղ եւ անշիրիմ մեր սուրբերուն մասունքները զետեղուեցան, եւ դեռ․․․ այստե՛ղ է որ կը շարունակուին մարդակերտումի, ազգակերտումի նպաստող ամէն տեսակի գովելի ձեռնարկներ, որոնք կը շեփորահարեն աստուածարմատ մեր ժողովուրդի անպարտելի նկարագիրը եւ տես-լականը։

Այս առթիւ, առաջին հերթին խնկանուէր աղօթք կը բարձրացնեմ եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր այն ծառաներուն որոնք գործեցին ու անցան, մեզի փոխանցելով այս հոյակերտ ժառանգը։ 

Բարձրօրէն կը գնահատեմ անցնող երկու տասնամեակներու եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Աւագ Քահանայի բոլորանուէր ծառայութիւնը ի խնդիր համայնքին վերակազմակերպման եւ վերաբարգաւաճման, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան անվերապահ աջակցութիւնը՝ որպէս անուրանալի ներուժ աստուածահաճոյ ծրագիրներու իրականացման։ 

Խորապէս կը գովեմ մեր քոյր կազմակերպութեանց գործակցութիւնը, որ յատուկ երանգ մը կը բերէ համայնական մեր կեանքէն ներս։   

Ջերմօրէն կը դրուատեմ բոլոր բարերարներու ու նուիրատուներու անվերապահ օժանդա-կութիւնը եւ եկեղեցին կենսաւորող Ծխականներու մասնակցութիւնը, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատրոյգին լոյս հայթայթող իւղի նման վառ կը պահեն լուսատու այս հոգեւոր Տունը։

Լուսաւորիչներու, Սահակ-Մեսրոպներու եւ Շնորհալիներու Աստուածը թող միշտ առաջնորդէ բոլորս ի բարին եւ ի խաղաղութիւն, մեր աչքերը յառելով յաւերժական Արարատին եւ Լուսաւորչի Կանթեղին։ 

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝         

A picture containing text, clipart

Description automatically generated

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին