
A Reprint from Our
110th Anniversary
Commemorative Book
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակը՝
Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակի Առթիւ


ԱՐԱՄ
ԾԱՌԱՅՅԻՍՈՒՍԻՔՐԻՍՏՈՍԻԵՒԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻԿԱՄՕՔՆ
ԱՍՏՈՒԾՈՅԵՒԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲԱԶԳԻՍԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ
ԵՒԿԱԹՈՂԻԿՈՍՀԱՅՈՑՄԵԾԻՏԱՆՆԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ
ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ
ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴՒՈՑՆ ՄԵՐՈՑ ԵՒ
ՀԱՐԱԶԱՏԱՑՆ ՍՐԲՈՑ ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳԱՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎՈՒԻՆ, ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑՆ
ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՈՐ Ի ՆԻՒ ԵՈՐՔ, Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՍ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Ծխատէր Քահանան, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ բոլոր հաւատացեալները:
Առաջնորդ Սրբազանին, Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Մեզի ուղղած նամակէն գոհունակութեամբ իմացանք, որ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին 22 Յունիսին պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը: Արդարեւ, ամեակներու նշումը սովորական տօնախմբութիւն պէտք չէ դառնայ, այլ առիթ՝ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը վերակենսաւորելու, ինչպէս նաեւ աւելի աշխուժացնելու ժողովուրդին մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան: Եկեղեցի ու ժողովուրդ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն՝ զիրար լրացնող ու զօրացնող:
Մենք մօտէն ճանչցած ենք Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին՝ Նիւ Եորքի մէջ շուրջ յիսուն տարիներ առաջ Մեր ուսանողական տարիներէն սկսեալ: Յաճախակի առիթներով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցած ենք ու մասնակից դարձած եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն: Հակառակ իր ծխայիններու աշխարհագրական հեռաւորութեան, անոնք մասնակից կը դառնան եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան, եկեղեցին նկատելով իրենց հոգեւոր տունը: Ա՛յս է եկեղեցին իր էութեամբ ու առաքելութեամբ, հոգեւոր տուն. ո՛չ սովորական վայր, այլ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ հաւատքի տուն ու համայնք: Մեր սպասումն է, որ ա՛յս գիտակցութեամբ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին իր ժողովուրդով ինքզինք վերանորոգէ ու վերակազմակերպէ իր ներքին կեանքով, քրիստոնէական վկայութեամբ ու հովուական ծառայութեամբ:
Արդ, 110-ամեակին նշումը պէտք է եկեղեցւոյ համար դառնայ առաջին հերթին առ Աստուած գոհութիւն ու փառք մատուցանելու առիթ մը, որ 110 տարիներ շարունակ, հակառակ անհամար դժուարութիւններուն այս հոգեւոր տունը պահեց կանգուն: Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, թեմակալ առաջնորդներ, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ, հոգաբարձուներ թէ ծխայիններ, որոնք զանազան կերպերով ու մանաւանդ իրենց անխախտ հաւատարմութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ այս եկեղեցին պահեցին պայծառ իր աստուածատուր առաքելութեամբ: 110-ամեակի նշումը նաեւ առիթ մըն է մեր հայրական գնահատանքը յայտնելու Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանին եւ հոգաբարձութեան, որոնք անմնացորդ նուիրումով կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը: Թող Բարձրեալն Աստուած իրենց պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար տարիներ եւ արդիւնաւորութեամբ պսակէ իրենց եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութիւնը:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. Ամէն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ կոնդակս այս
Ի Կաթողիկոսարանիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան
Ի 20-ն Մայիսի, 2025 թուին Քրիստոսի, եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆՀԴ.