

The Former Prelates of the Eastern Prelacy
This week, we reprint the messages of the former Prelates of the Eastern United States.

Archbishop Hrant Khatchadourian
Prelate of the Armenian Apostolic Church
of North America (1961–1973)
“Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին տարիներ շարունակ, եւ յատկապէս մինչեւ 1958, դարձաւ իսկական Առաջնորդարան օգնեց եկեղեցիներուն՝ միւռոն եւ քահանայ ուղարկելով, նիւթապէս օգնելով նորակառոյց եկեղեցիներու, եւ տէր կանգնելով հեռաւոր շրջաններու եկեղեցիներուն:
Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ հիւրընկալուեցան Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Եգիպտոսէն եւ ա’յլ երկիրներէ եկած գաղթականները:
Եւ դեռ կարելի է յիշել շատուշատ ծառայութիւններ՝ որոնք այս անոյշ, անպաճոյճ եկեղեցին բերած է եւ կը բերէ բոլո՛ր հայերուն, անխտիր, եւ որոնք քաղցրութեամբ կը յիշեն «27-ի եկեղեցի:
Թո՛ղ Սբ. Լուսաւորչի աջը պահապան ըլլայ բոլորին:
Թող Աստուած իր խաղաղութեան մէջ պահէ բոլոր անոնք՝ որոնք իբրեւ հովիւ, հոգաբարձու, երեսփոխան, դպրաց դասու անդամ, եւ կամ այլապէս, եկած եւ ծառայած են՝ պայծառ պահելու համար եկեղեցին: Եւ Ձեզի, որ հիմա Ձեր ձեռքերուն մէջ ունիք Մայր Եկեղեցին, մէ՛կ խօսք ունինք – յարգեցէք զայն իբրեւ մայր, եւ ծառայեցէք հաւատքով եւ սիրով:”
ՀՐԱՆԴ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
1965
Archbishop Karekin Sarkissian
Prelate of the Armenian Apostolic Church
of the Eastern United States and Canada (1973-1977)
Catholicos of the Great House of Cilicia (1977-1995) and
Catholicos of All Armenians (1995-1999)

“Սբ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին բազմամիլիոն բնակչութեամբ յորդուն եւ եռուզեռ կեանքով գեղուն Նիւ Եորքի մէջ հոգեւոր կենաքի օճախ մըն է, որուն ջերմութիւնը կը վայելէք դուք որպէս անդամներ անոր այժմու բաղկացութեան: Այս տօնակատարութիւնը թող դառնայ հոգեկան եւ ազգային պայծառակերպութեան շքեղ եւ կենսանորոգ ոյժի: Թող Ձեզմէ ամէն մէկը այսօր ուխտ մը կատարէ, ներքին հոգեփոխութեան հոսանքէն այցելուի եւ վերանորոգէ իր սէրն ու նուիրումը այս սրբաշէն օճախին:
Մենք անձնապէս երախտիքի զգացումով կը նայինք Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիին: Երջանկալից ապրումով կը անդրադառնանք այն պահերուն զորս անձամբ ապրած ենք անոր կամարներուն ներքեւ եւ խորանին վրայ որպէս աղօթարար, պատարագիչ, քարոզիչ ու պատգամախօս, մեր վարդապետութեան օրերէն մինչեւ կաթողիկոսական պարտաւորութեան այս օրերը: Մեր հոգիին մէջ անջնջելի բարիքներ կան Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյդ հրաշագործ զօրութենէն շառաւիղած:
Յառաջ նայեցէք: Ձեր եկեղեցին ճանչնալով որպէս Մայր՝ բոլորուեցէք անոր շուրջ եւ աճեցուցէք ու ծաղկեցուցէք անոր կեանքը որ ձեր կեանքն է Աստուծոյ շնորհին եւ օրհնութեան ներքեւ:”
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1991

Archbishop Mesrob Ashjian
Prelate of the Armenian Apostolic Church
of the Eastern United States and Canada
(1978-1998)
“Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին տարիներ շարունակ, եւ յատկապէս մինչեւ 1958, դարձաւ իսկական Առաջնորդարան օգնեց եկեղեցիներուն՝ միւռոն եւ քահանայ ուղարկելով, նիւթապէս օգնելով նորակառոյց եկեղեցիներու, եւ տէր կանգնելով հեռաւոր շրջաններու եկեղեցիներուն:
Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ հիւրընկալուեցան Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Եգիպտոսէն եւ ա’յլ երկիրներէ եկած գաղթականները:
Եւ դեռ կարելի է յիշել շատուշատ ծառայութիւններ՝ որոնք այս անոյշ, անպաճոյճ եկեղեցին բերած է եւ կը բերէ բոլո՛ր հայերուն, անխտիր, եւ որոնք քաղցրութեամբ կը յիշեն «27-ի եկեղեցի:
Թո՛ղ Սբ. Լուսաւորչի աջը պահապան ըլլայ բոլորին:
Թող Աստուած իր խաղաղութեան մէջ պահէ բոլոր անոնք՝ որոնք իբրեւ հովիւ, հոգաբարձու, երեսփոխան, դպրաց դասու անդամ, եւ կամ այլապէս, եկած եւ ծառայած են՝ պայծառ պահելու համար եկեղեցին: Եւ Ձեզի, որ հիմա Ձեր ձեռքերուն մէջ ունիք Մայր Եկեղեցին, մէ՛կ խօսք ունինք – յարգեցէք զայն իբրեւ մայր, եւ ծառայեցէք հաւատքով եւ սիրով:”
ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇՃԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ
1991
Archbishop Oshagan Choloyan
Prelate of the Armenian Apostolic Church
of the Eastern United States
(1998-2018)
Catholicos of the Great House of Cilicia (1977-1995) and
Catholicos of All Armenians (1995-1999)

«Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ այն բացառիկ հոգեւոր ու ազգային տունը եղաւ, որ իր սրբազան կամարներուն տակ հոգեւոր սնունդ ջամբեց Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած պանդուխտ հայորդիներուն եւ դարձաւ հայրենասիրութեան, հիւրընկալութեան եւ ծառայութեան օրրանը:
Որքա՜ն հաւատարմութիւն, հաւատք, զոհողութիւն եւ նուիրում ամբարուած են հոն: Այսուհանդերձ, Մայր Եկեղեցին իր հաւատացեալներով ամրօրէն կառչած մնաց իր սկզբունքներուն, ազգային իր իրաւունքներուն եւ մեր ժողովուրդի տենչերուն: Տակաւին, անիկա վկան եղաւ այն հազարաւոր նորեկներուն, որոնք առաջին անգամ հո՛ն գտան հիւրընկալ հայուն ջերմ սիրտը, եւ իրարու հետ հաց ուտելով հաստատեցին ընտանեկան մտերմիկ սէրն ու ջերմ մթնոլորտը: Այս բոլորը Մայր Եկեղեցին կատարեց, եւ նոյնիսկ աւելին, քանի իր գոյութեան պատճառն ու նպատակը միմիայն ծառայութիւնն էր, հայ հաւատացեալի հոգիին անդորրութիւնը»:
Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան
Առաջնորդ
2015